2013-11-21 09:45:54

Արեւելեան Եկեղեցիներու Հովուապետերու Համապատարագի առթիւ արտասանած` Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիի քարոզը։


''խաղաղութիւնը դարձեալ վերիշխէ ամենուրէք եւ գիշերն ու ցերեկը դառնան ապահով, նա մանաւանդ բազմաթիւ անմեղներուն համար որ անվերջ ցաւի մրրիկի մէջ կը տառապին''։

Հինգշաբթի, 21 նոյեմբեր, տօն` ''Ընծայումն Աստուածածնայ'', առաւօտեան ժամը 8-ին, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճառին մէջ, Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ` Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին, գլխաւորեց համապատարագի սուրբ արարողութիւնը, մասնակցութեամբ Արեւելեան Եկեղեցիներու Պատրիարքներուն, աւագ Եպիսկոպոսներուն, կղերին եւ Հռոմի Արեւելեան ծէսի պատկանող վարժարաններու ժառանգաւորներուն։
Արարողութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց` Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքը որ այս օրերուն (19-22 նոյեմբեր) Արեւելեան Եկեղեցիներու միւս Պատրիարքներու եւ Աւագ Եպիսկոպոսներու հետ միասին կը մասնակցի Արեւելեան Եկեղեցիներու լիագումար ժողովին։

Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ, Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի` ակնարկեց Եկեղեցւոյ տիեզերականութեան, անոր միասնութեան եւ սրբութեան որ ''երկու թոքերով'' կը դաւանի` Անյաղթ ու Անմահ Աստուծոյ, իսկական հաւատքը։ Ան ապա անդրադարձաւ Սուրբ Աստուածածնայ տաճարի ընծայման տօնին, Անառատ Մայրը որակելով` ''Տիրոջ առաջին ճրագը''։ Ան ապա մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումները եւ անդրադարձաւ Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի 50 ամեակին, ու այդ ժողովի ընթացքին Արեւելեան Եկեղեցիներու վերապահուած յատուկ ուշադրութեան։ Կարդինալը ապա ակնարկեց Արեւելեան Եկեղեցւոյ` Սուրբ Յովհաննէս Ոսկեբերանի աճիւններու ներկայութեան, Սուրբ Պետրոսի Տաճառին մէջ, ու անդրադարձ կատարեց Սուրբ Երկրի ու մանաւանդ Սուրիոյ տխուր եւ ողբալից իրավիճակի մասին, մաղթանք յայտնելով որ ''խաղաղութիւնը դարձեալ վերիշխէ ամենուրէք եւ գիշերն ու ցերեկը դառնան ապահով, նա մանաւանդ բազմաթիւ անմեղներուն համար որ անվերջ ցաւի մրրիկի մէջ կը տառապին''։
Կարդինալ Սանտրին իր քարոզը եզրափակեց ըսելով` ''Արեւելքի Սուրբերուն, Պետրոս առաքեալին, ինչպէս նաեւ Պօղոս առաքեալին, որ դամասկոսի ճամբուն վրայ ընկալեց Քրիստոնեայ Հաւատքի լոյսը, մեր աղօթքները կը յանձնենք, ի սպաս սուրիաի ժողովուրդին։ Սուրբ Կոյս Մարիամի օգնութիւնն ալ թող չի պակսի։
Ան ապա Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետն ալ, որպէս Ս. Պետրոսի յաջորդ, յանձնեց անոնց հովանիին իր, միութեան, ճշմարտութեան եւ սիրոյ ծառայութեան առաքելութեան մէջ։ Կարդինալ Սանտրին խօսքը եզրափակեց Սուրբ Յովհաննէս Ոսկեբերանի խօսքերով ''Ամէն պատահած իրադարձութիւններուն դիմաց....Աստուծոյ փառքը թող կատարուի միշտ։ Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.